«Հայաստանի իշխանութեան շրջանակներէն դարձեալ կը հնչեն այնպիսի մտածումներ, որոնք կրնան նոր ու անիմաստ վէճերու դուռ բանալ: Խօսքը կը վերաբերի Հայաստանի վարչապետին, հայոց Ցեղասպանութեան մասին վերջերս կատարած ակնարկութեան: Այս գծով, CILICIA TV-ն ուզեց ունենալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին տեսակէտը:
Ծանօթ է, որ Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամներուն ու հրապարակային խօսքերուն, Հայաստանի անցեալի թէ ներկայի իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութեան, իր հայեցողութեամբ թերի ու վնասաբեր երեւոյթներուն ու անոնց հետեւանքներուն յաճախ անդրադարձած է յսատակօրէն եւ շեշտակիօրէն՝ միշտ մեկնելով մեր ազգին ու Հայրենիքին ընդհանրական ու գերագոյն շահերէն:
Պատասխանելով CILICIA TV-ի հարցումին՝ Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «կը զարմանանք, թէ Հայաստանի վարչապետը խօսելով հայոց Ցեղասպանութեան մասին՝ հարցադրումներ կը կատարէ առնչուած անոր ներքին ու արտաքին պատճառներուն ու հետեւանքներուն, եւ իր այս մօտեցումով փաստօրէն քննարկելի կը դարձնէ հայոց Ցեղասպանութեան օսմանեան կայսրութեան կողմէ ծրագրուած ըլլալու անհերքելի փաստը»:
Շարունակելով իր խօսքը՝ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «ծանօթ է բոլորին, պատմագէտներ, ցեղասպանագէտներ ու օսմանեան կայսրութեան մասնագէտներ իրենց յստակ փաստերով արդէն իսկ հաստատած են հայոց Ցեղասպանութեան օսմանեան կայսրութեան կողմէ ծրագրուած ըլլալու իրողութիւնը: Միջազգային օրէնքի ու մարդկային իրաւանց մասնագէտներ, իրենց կարգին, պարզած են հայոց Ցեղասպանութեան իրաւական հետեւանքները: Եւ, աւելին, չմոռնանք Հայաստանի անկախութեան հռչակագրին եւ հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին համազգային յայտարարութեան մէջ կատարուած յստակ արտայայտութիւնը օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած հայոց Ցեղասպանութեան մասին»:
Ապա, ակնարկելով վարչապետին կողմէ հայոց Ցեղասպանութեան մասին կատարուած հարցադրումներուն՝ Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ. «նման մօտեցումներ, ինչպէս ժողովուրդը կ՚ըսէ, օտարի ջաղացքին ջուր կու տան: Հայոց Ցեղասպանութեան քննութիւնը պատմաբաններու յանձնելու առաջարկը Թուրքիոյ գաղափարն է: Մօտեցում մը, որ մեզի համար անընդունելի եղած է եւ է՛», շեշտեց Հայրապետը ու աւելցուց. «հայոց Ցեղասպանութեան օսմանեան կայսրութեան կողմէ ծրագրուած ըլլալու պատմական իրողութիւնը վիճելի եւ, հետեւաբար, քննելի նիւթ չէ՝ նոյնիսկ պետութիւններ, խորհրդարաններ ու միջազգային կազմակերպութիւններ հաստատած են անոր հեղինակին ով ըլլալը: Արդ, այս հանգրուանը անցած ենք եւ փաստօրէն հատուցման իրաւական հանգրուանին մէջ կը գտնուինք, որուն առաջին քայլը հանդիսացաւ 2015-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բացած դատը՝ ուղղուած Թուրքիոյ պետութեան՝ պահանջելով Սիսի կաթողիկոսարանին վերադարձը»:
CILICIA TV-ի հետ ունեցած կարճ հարցազրոյցը Վեհափառ Հայրապետը եզրափակեց՝ յիշեցնելով, որ «իրապաշտ քաղաքականութենէ մղուած, համազգային արժէքներու ու խորհրդանիշերու գծով հարցադրումներ կատարելով ու հակասութիւններ ստեղծելով , փաստօրէն անիմաստ վէճերու առիթ կու տանք: Հարկ է ըլլալ զգո՜յշ: Կ՚ապրինք վտանգներով լեցուն ժամանակներու մէջ: Շրջանի աշխարհաքաղաքական պայմանները երբե՛ք նպաստաւոր չեն մեզի: Հետեւաբար, Մեր ջերմ թելադրանքն է, որ հեռու մնանք հայ կեանքէն ներս նոր ճեղքեր յառաջացնող մօտեցումներէ ու մտածումներէ: Աւելի քան երբեք ազգային ոյժերու համախմբումը, Հայաստանի թէ Սփիւռքի, համահայկական օրակարգի մը շուրջ հրամայական է, ինչպէս յաճախ շեշտած ենք», ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս»:


















































Այսօրվանից սկսած սպառման համակարգը բաշխման ցանցին միացման նոր դիմում ներկայացնելիս կգործեն արդեն նվա...
Թրամփի հետ ընթրիքին հնարավոր է եղել մասնակցել առանց ստուգումներ անցնելու WSJ
Աջափնյակում ընթանում են նոր՝ «Արև Արենա» կենտրոնի բացօթյա համերգասրահի ստեղծման աշխատանքները
Լրատվամիջոցների ու լրագրողների իրավունքների խախտումների թիվը նվազել է
Կենսաչափական անձնագրերը քաղաքացիներին հասանելի կլինեն 2026 թվականի աշնանը
Մեր նպատակն է, որ ՀՀ սահմանի բոլոր հատվածները լինեն սահմանապահ զորքերի պատասխանատվության ներքո
Պարի միջազգային օր․ Երևանի կենտրոնում կանցկացվի «Արի՛, պարի՛» խորագրով միջոցառումների շարք․ միացե՛ք ...
90-ականներից բնակարան ստանալու հերթացուցակում ընդգրկված ՊՆ ծառայողները առաջիկա 4 տարում կլուծեն բնակ...
Առողջապահության նախարարն այցելել է Շիրակի մարզի՝ վերանորոգված և բուժսարքավորումներով հագեցած պոլիկլի...
«Տաշիր Պիցցա»-ում աշխատակիցների են ազատել՝ «Ուժեղ Հայաստան»-ի հանրահավաքին չմասնակցելու համար